Թիֆլիսի Ռուսթաւելի պողոտայի վերանորոգման ընթացքին յայտնաբերուած են հայերէն արձանագրութիւններով քարէ սալիկներ՝ Աստուածածնի պատկերով

  • by WesternArmenia, October 07, 2026 in Լուրեր
154 դիտում

Հայաստանի Եւրոպական կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Խզմալեանի ֆէյսպուքեան գրառումին համաձայն՝ Թիֆլիսի Ռուսթաւելի պողոտայի վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքին, Ազատութեան (նախկին Էրիվանեան) հրապարակին մօտակայքը, յայտնաբերուած են Աստուածածնի պատկերով քարէ սալիկներ՝ հայերէն արձանագրութիւններով։

Նախքան խորհրդային շրջանը այդ վայրին մէջ կը գտնուէր Սուրբ Գէորգ հայկական տաճարը, որ, ըստ գրառումին, պայթեցուած է բոլշեւիկներու հրամանով։