Մշակոյթներու երկխօսութիւնն ու գրականութեան ուժը յաճախ կը ծնին այնպիսի ստեղծագործութիւններ, որոնք դուրս կու գան ժամանակի եւ տարածութեան սահմաններէն՝ դառնալով համամարդկային արժէքներ։ Այդպիսի բացառիկ ստեղծագործութիւն մըն է ռուս մեծանուն երգահան Կէորկի Սվիրիտովի «Երկիր հայրական» էփիք վոքալ փոէմը՝ գրուած հայ բանաստեղծութեան Մեծ Վարպետ Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ։
1949-ին, երբ Սվիրիտով առաջին անգամ հաղորդակից դարձաւ Իսահակեանի բանաստեղծական աշխարհին, խորապէս հիացաւ եւ, ինչպէս ինքն իսկ կը խոստովանէր, հոն գտաւ իր «երաժշտական խարիսխը»։ Իսահակեանական տողերու հոգեւոր մաքրութիւնն ու անկեղծութիւնը երգահանին օգնեցին վերաիմաստաւորելու հայրենիքի գաղափարը՝ զայն դարձնելով «Երկիր հայրական» վոքալ փոէմի առանցքը։
Այսպէս ծնաւ 11 մասերէ բաղկացած տպավորիչ կտաւ մը, ուր հայ ժողովուրդի պատմական ճակատագիրը, տոկունութիւնն ու ոգիի վեհութիւնը ներկայացուած են Բանաստեղծին խորաթափանց հայեացքով։ Ստեղծագործութեան կեդրոնին, հայրենիքի նկարագրութեան տեսարաններով, իսահակեանական ոգիով կը փառաբանուի Հայրենիքի գաղափարը, որ սոսկ ֆիզիքական տարածք մը չէ, այլ հոգեւոր աշխարհ․ հայկական բնաշխարհն է, բայց նաեւ իւրաքանչիւր մարդու մանկութեան եւ նախնիներու յիշողութիւնը, անոնց անցեալն ու ներկան։
