«Լաւաշի կախարդանքը» փառատոնն արժեւորած է հայկական լաւաշի պատրաստումը 

  • by Editbeglari, July 23, 2024 in Լուրեր
378 դիտում

Շիրակի մարզին Արեւիկ գիւղին մէջ իրականացուած է «Լաւաշի կախարդանքը» փառատոնը։ Ան տեղի է ունեցած «Լաւաշ. միասնականութեան եւ հզորութեան խորհրդանիշ» ծրագրին շրջանակը: Փառատոնը նուիրուած էր լաւաշ թխելու աւանդոյթը 2014ին ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ գրանցելու 10-ամեակին:

Փառատոնին տեղի է ունեցած լաւաշին թեմայով ստեղծուած կտավներու բացօթեա ցուցահանդեսին եւ գիւմրեցի նկարիչ Լեւոն Առաքելեանին հեղինակային պատ-գեղանկարի (սթրիտ-արտ) բացումը: 2023 թ. Արեւիկ համայնքին մանկապարտեզին պատին պատ-գեղանկարի միջոցով պատկերուած է Գ. Խանջեանին «Հացը լեռներու մէջ» կտաւը։

Այս տարի փառատոնին, բացի Արեւիկ գիւղէն, կը մասնակցէին նաեւ Հայկավան, Հացիկ, Կարմրաքար, Բաշգիւղ համայնքներու բնակիչները, որոնք առանձին տաղաւարներով կը ներկայացնէին տեղական լաւաշն ու բոքոնը, իրենց արտադրած գիւղական բարիքները, համեղ ուտեստներն ու քաղցրաւենիքները: Ինչպէս նախորդ տարի, այս անգամ եւս երկու տաղավարով ներկայացուած էին արցախեան խոհանոցը եւ արհեստագործութիւնը:

«Լաւաշի կախարդանքը» փառատոնն ուղղուած է ոչ միայն հայկական լաւաշի եւ այն պատրաստող կին հացթուխներու փառաբանմանը, այլեւ համայնքին աշխուժացմանը, երիտասարդներու ներգրավւմանը ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գործընթացը եւ համայնքին կաիւն զարգացման խթանմանը: