Լոբին հայկական խոհանոցին մէջ ոչ պակաս տարածուած է, քան միսը՝ ոչ միայն իր համային յատկութիւններուն եւ սննդարար ըլլալուն, այլ նաեւ չափազանց օգտակար ըլլալուն շնորհիւ։ Այդ պատճառով ալ հայերը լոբիին առանձնայատուկ տեղ կու տան իրենց խոհանոցին մէջ։
Պատրաստման եղանակը՝
կարմիր լոբի – 2 բաժակ
ջուր – 1.5 լիթր
սոխ – 2 հատ
մաքրուած ընկոյզ – 0.5 բաժակ
քիչ մը ալիւր եւ հալած իւղ
համեմ
աղ, համեմունքներ (կարմիր պղպեղ)
Լուացած լոբիին վրայ վեց ժամ պաղ ջուր կը լեցնենք, ապա զայն լաւ կը լուանք։ Կրկին ջուր կը լեցնենք վրան, կը հասցնենք եռման միջին կրակի վրայ եւ կը վերցնենք փրփուրը։ Ապա կրակը կը մեղմացնենք եւ կը ձգենք, որ լոբին լիովին եփի։
Պատրաստ լոբին կը տրորենք քամիչի միջոցով եւ կը բանանք լոբիին ջուրով՝ մինչեւ խիտ զանգուած ստացուի։ Լոբիի զանգուածին կ’աւելցնենք մանր կտրատուած սոխը, մանրացուած ընկոյզը, լոբիին ջուրով բացուած ալիւրը, աղը, պղպեղը եւ համեմը։ Բոլորը միասին կը խառնենք, կը բանանք մնացած ջուրով եւ կը հասցնենք եռման։
Լոբին պատրաստ է։
