ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի Հայագիտական ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսոր Վահրամ Շեմմասեան հրատարակած է Մուսա լեռէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայերուն նուիրուած պատկերազարդ գիրք մը։
2026 թուականին Երեւանի մէջ լոյս տեսած 200 էջնոց հատորը կը ներառէ հին լուսանկարներ եւ պատմական փաստաթուղթեր՝ ներկայացնելով հայ գաղթականներու ընտանիքները, հասարակական կեանքը, առեւտուրը, Մուսա լեռան հերոսամարտը եւ կանանց ասեղնագործութեան աւանդոյթները։
Հրատարակութեան նպատակն է պահպանել Մուսա լեռէն գաղթած հայերուն պատմական յիշողութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը։
