Եոլճու թատրոնի «Կոմիտաս» ներկայացումը 18-ամիս դադարէ ետք կը վերադառնայ բեմ։ Ներկայացումը, որուն գլխաւոր դերով հանդէս կու գայ Ֆէհմի Քարաարսլան, պիտի ցուցադրուի Հոկտեմբեր 24-ին՝ Շաբաթ օր, ժամը 20։30-ին, Կոստանդնուպոլսոյ Ալան Քատըքէօյ թատերական հարթակին վրայ։
Ահմէտ Սամի Էօզպուտաքի հեղինակած եւ բեմադրած ներկայացման ընթացքին, Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարած «Լուսաւորիչ» երգչախումբը կը կատարէ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները։ 2020 թուականի Նոյեմբերին՝ Կոստանդնուպոլսոյ թատերական փառատօնի ծիրէն ներս, թրքերէն եւ ֆրանսերէն ներկայացուած բեմադրութիւնը հետագային ցուցադրուած է Թուրքիոյ շարք մը քաղաքներու, ինչպէս նաեւ Երեւանի, Փարիզի, Նիսի եւ Ամսթերտամի մէջ։
95 վայրկեան տեւողութեամբ ներկայացումը կ՚անդրադառնայ Կոմիտասի եւ երաժշտութեան կապին, 1915 թուականին հայ մտաւորականներուն հետ Կոստանդնուպոլսէն աքսորուելուն եւ այդ իրադարձութեան հետեւանքով անոր կեանքին մէջ տեղի ունեցած բեկումին։
2022 թուականին ներկայացումը արժանացած է թատերական շարք մը մրցանակներու, որոնց շարքին՝ Թատերական քննադատներու միութեան «Լաւագոյն ներկայացում» մրցանակին։
Ներկայացման տոմսերը հասանելի են Bubilet եւ Biletinial հարթակներուն վրայ։
