«Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի ունեցած է Համշէնի պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան նուիրուած մշակութային երեկոյ մը։
Պատմաբան Վազգէն Բարսեղեան ներկայացուցած է Համշէնի ծագումը, պատմութիւնը, կենցաղն ու մշակոյթը՝ անդրադառնալով նաեւ իր ուսումնասիրութիւններուն եւ Համշէն կատարած այցելութիւններուն ընթացքին ունեցած փորձառութեան։
Երեկոյի ընթացքին ներկայացուած են համշենական աւանդական երաժշտական գործիքները՝ քեմանին՝ քամանչայի համշենական տարբերակը, եւ պարկապզուկը։ Հնչած են նաեւ համշենական ժողովրդական եղանակներ՝ կենդանի կատարմամբ։
Միջոցառման երկրորդ բաժինը նուիրուած էր համշենական պարարուեստին։ Տիգրան Մկրտչեանի ղեկավարութեամբ «Ափ ափի» աւանդական երգի-պարի համոյթը ներկայացուցած է համշենական պարեր, ներառեալ հանրութեան քիչ ծանօթ պարային նմոյշներ։
Մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցած են ոչ միայն դիտելու, այլեւ սորվելու պարերը եւ միասին պարելու՝ քեմանիի ու պարկապզուկի կենդանի նուագակցութեամբ։
Միջոցառումը կազմակերպած է «Ափ ափի» աւանդական երգի-պարի համոյթը։
