Հայկական ժառանգութիւնն ու երաժշտութիւնը՝ պատկերներու լեզուով․ Փարիզի մէջ կը ներկայացուի Գէորգ Մուրատի ինքնատիպ արուեստը

  • by WesternArmenia, October 26, 2026 in Լուրեր
110 դիտում

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, ասիական արուեստի Asia NOW – Paris Asian Art Fair ցուցահանդէս-տօնավաճառին ծիրէն ներս, կը ներկայացուին սուրիահայ նկարիչ Գէորգ Մուրատի ստեղծագործութիւնները։

Մուրատ ծնած է Գամիշլիի մէջ, ուսումը ստացած է Երեւանի մէջ, իսկ ներկայիս կ՚ապրի եւ կը ստեղծագործէ Նիւ Եորքի մէջ։ Ան յայտնի է իր գեղանկարչական յօրինուածքներով եւ live drawing՝ կենդանի նկարչութեան իւրայատուկ արուեստով, որուն միջոցաւ երաժշտական համերգներու ընթացքին, իրական ժամանակի մէջ, մեծածաւալ կտաւներ կը ստեղծէ։

Նկարիչը երկար տարիներէ ի վեր կը գործակցի թաւջութակահար Եօ-Եօ Մայի հիմնած «Silkroad Ensemble» համոյթին հետ։ Անոր ելոյթները հիւրընկալած են այնպիսի հեղինակաւոր հաստատութիւններ, ինչպիսիք են Քարնեկի Հոլը եւ Մեթրոփոլիթըն թանգարանը։ Անոր նշանաւոր գործերէն է «Sound of Stone» նախագիծը, որ ստեղծուած է Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած «Armenia!» ցուցահանդէսին համար։ Գէորգ Մուրատ մասնակցած է նաեւ «Հայկական ոդիսական» նախագիծի ստեղծման՝ երգահան Վաչէ Շարաֆեանի եւ թաւջութակահար Նարեկ Ախնազարեանի հետ։

Արուեստագէտին ստեղծագործութեան առանցքային նիւթերն են հայկական ժառանգութիւնը, պատմական յիշողութիւնը, տան գաղափարը եւ մշակութային ինքնութեան պահպանումը։ Ան այս նիւթերը կը համադրէ ժամանակակից գծանկարչութեան եւ երաժշտութեան հետ՝ ստեղծելով արուեստի ինքնատիպ ու բազմաշերտ արտայայտչամիջոցներ։