Հոկտեմբեր 17-18-ին Երեւանի Յովհաննէս Շարամբէյեանի անուան ժողովրդական արուեստներու թանգարանին եւ Դիլիջանի մասնաճիւղին մէջ պիտի կայանայ «Հայկական ժողովրդական եւ դեկորատիւ-կիրառական արուեստ» խորագիրով գիտաժողովը՝ նուիրուած Յովհաննէս Շարամբէյեանի ծննդեան 100-ամեակին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան միջազգային օրուան։
Գիտաժողովին նպատակն է ներկայացնել Հայաստանի թանգարաններուն մէջ պահպանուող ժողովրդական արուեստի հարուստ ժառանգութիւնը, քննարկել անոր ուսումնասիրութեան, պահպանութեան եւ հանրահռչակման արդի մօտեցումները։ Առանձնայատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի ժողովրդական արուեստի կիրառութեան ժամանակակից ձեւաւորման մէջ, կրթական նոր մեթոտներուն եւ անոր կապերուն ստեղծարար արդիւնաբերութեան հետ։
Միջոցառումը նպատակ ունի խթանելու հայկական ժողովրդական եւ դեկորատիւ-կիրառական արուեստի գիտական ուսումնասիրութիւնը, ընդլայնելու մասնագիտական երկխօսութիւնը եւ նպաստելու ազգային մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու յաջորդ սերունդներուն փոխանցման գործին։
