ԱՄՆ-ի արեւելեան ափին հայկական խոհարարական չորս նախաձեռնութիւններ ազգային խոհանոցին միջոցաւ կը համախմբեն մարդիկ՝ պահպանելով հայկական համերն ու աւանդոյթները։
The Armenian Weekly պարբերականին մէջ հրապարակուած Ռոզի Նիսանեանի յօդուածը կ՚անդրադառնայ սննդային փոքր նախաձեռնութիւններու, որոնք հայկական կերակրատեսակները կը ներկայացնեն նոր միջավայրերու մէջ՝ խոհանոցը վերածելով մշակութային ինքնութեան եւ համայնքային կապերու պահպանման միջոցի։
