«Ամէնուր պէտք է Հայոց ոգին զրնգայ՝ բեմին, թատերաբեմին, մարտաբեմին եւ ոգեբեմին»․ այս գաղափարով «Բեկոր» ազգային կրթամշակութային կեդրոնը Մայիս 25-ին Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան պետական կոմեդիայի թատրոնին մէջ ներկայացուց «Այս հողի վրայ» խորագիրով համերգ-ներկայացումը՝ նուիրուած երջանկայիշատակ Գագիկ Գինոսեանի ծննդեան 60-ամեակին։
Խումբին գեղարուեստական ղեկավար Յարութիւն Բաղդասարեան նշեց, թէ «Բեկոր» անունը երկակի խորհուրդ ունի․ ան նուիրուած է Արցախի հերոս Բեկոր Աշոտին՝ Աշոտ Ղուլյանին, եւ միաժամանակ կը խորհրդանշէ հայկական մշակոյթի փոքրիկ, բայց կարեւոր բեկոր մը։
Ներկայացման առանցքին պանդխտութեան նիւթն էր՝ հայ մարդուն ցաւալի բաժանումը հայրենիքէն։ Սիւժէին գլխաւոր հերոսուհին՝ Շուշանը, որոշած էր մեկնիլ արտերկիր, սակայն ընտանիքի յիշողութիւնները, Եռաբլուրի խորհուրդը եւ Արարատի կանչը զինք վերադարձուցին հայրենիք։ Ներկայացման ընթացքին հնչեցին հայկական աւանդական երգեր եւ կատարուեցան ազգագրական պարեր, որոնք հանդիսատեսը փոխադրեցին ազգային յիշողութեան եւ ինքնութեան աշխարհ։
Համերգին մասնակցեցաւ նաեւ «Կամք» խումբը, ուր ընդգրկուած են տեսողութեան եւ լսողութեան խնդիրներ ունեցող մասնակիցներ։ Բեմին վրայ հնչեցին ռազմահայրենասիրական եւ ազգագրական երգեր, իսկ շուրջպարով աւարտող երեկոն վերածուեցաւ ազգային ոգիի եւ միասնականութեան տօնի։
Յ․ Բաղդասարեանի խօսքով՝ «Բեկոր»-ի առաքելութիւնն է հանրութիւնը հաղորդակից դարձնել հայկական մշակոյթին՝ երգի, պարի եւ ծիսակարգերու միջոցով։ Խումբը տարիներէ ի վեր հանդէս կու գայ տարբեր ձեւաչափերով, կ՚իրականացնէ պարուսուցումներ, համերգներ եւ նոր բեմադրութիւններ՝ շարունակելով Գագիկ Գինոսեանի ձգած մշակութային ուղին։
