Լոս Անճելըսի մէջ Սեպտեմբեր 27-ին կայանալիք «Արփա» միջազգային ֆիլմի փառատօնի ծիրէն ներս պիտի ցուցադրուի հայազգի բեմադրիչ Դիանա Մեդիսոնի «Տան պէս ոչինչ չկայ» վաւերագրական ֆիլմը։ Ան կը պատմէ 2023-ի Սեպտեմբերին Արցախէն աւելի քան 100 հազար հայերու բռնի տեղահանութեան մասին։
Փառատօնի ընթացքին պիտի ներկայացուի նաեւ Մեդիսոնի այլ՝ «Փառքի միւս կողմը» ֆիլմը, որուն առաջին ցուցադրութիւնը նախատեսուած է Սեպտեմբեր 24-ին։ Փառատօնի փակման արարողութեան ընթացքին Դիանա Մեդիսոնին ֆիլմարուեստին բերած իր ներդրումին համար պիտի շնորհուի «Breakthrough Artist Award» մրցանակը։
Միջոցառումը պիտի վարէ ամերիկահայ դերասանուհի եւ իրաւապաշտպան Սոնիա Քեշիշեան։ Լոս Անճելըս բնակող Դիանա Մեդիսոն դերասանուհի, բեմադրիչ, վաւերագրական ֆիլմերու հեղինակ, արտադրիչ եւ ձեռնարկատէր է։
1995-էն ի վեր «Արփա» միջազգային ֆիլմի փառատօնը կ՚աջակցի անկախ ֆիլմարուեստի գործիչներուն՝ ֆիլմի միջոցով խթանելով փոխըմբռնումն ու մշակութային երկխօսութիւնը։
