Հասմիկ Յարութիւնեան կը շարունակէ նախնիներու երգարուեստի ժառանգութիւնը

  • by Hasmik Karapetyan, October 01, 2026 in Լուրեր
98 դիտում

Հայ ժողովրդական երգերու յայտնի կատարող Հասմիկ Յարութիւնեան իր երաժշտութեամբ կը շարունակէ պահպանել նախնիներէն ժառանգուած երգերն ու աւանդութիւնները՝ կապելով անցեալը ներկային հետ։

1960 թուականին Երեւան ծնած երգչուհիին ընտանիքի արմատները Մուշէն են՝ Արեւմտեան Հայաստանէն։ Երաժշտութիւնն ու պարը մշտապէս ուղեկցած են անոր մանկութիւնը։ Հետագային Հասմիկ Յարութիւնեանի ստեղծագործական ուղին կապուած է անուանի ժողովրդական երաժիշտ Հայրիկ Մուրատեանի եւ անոր դստեր՝ Մարոյին հետ։ Ան միացած է «Ակունք» համոյթին, որուն միջոցով խորութեամբ ուսումնասիրած եւ պահպանած է հայկական աւանդական երգարուեստը։

1991 թուականին Երեւանի մէջ ստեղծուած է «Շողակն» ժողովրդական համոյթը, որուն հիմնադիրներու շարքին էր նաեւ Հասմիկ Յարութիւնեան։ Հետագային անոր երաժշտական գործունէութիւնը շարունակուած է նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ․ ան մասնակցած է միջազգային շրջագայութիւններու եւ Եօ-Եօ Մայի «Մետաքսի ճանապարհ» փառատօնին։

Յարութիւնեանի ստեղծագործական գործունէութեան կարեւոր ուղղութիւններէն են Արեւմտեան Հայաստանէն փոխանցուած օրօրոցային երգերը։ 2004 թուականին լոյս տեսած է անոր «Հայկական օրօրոցայիններ» ալպոմը, որ արժանացած է նաեւ «The New York Times»-ի ուշադրութեան։

Երգչուհին առանձնայատուկ կարեւորութիւն կու տայ աւանդական երգերու փոխանցման երիտասարդ սերունդին։ Արցախեան առաջին պատերազմի տարիներուն ան երեխաներուն կը սորվեցնէր հայկական ժողովրդական երգեր, իսկ հետագային ստեղծած է Հայրիկ Մուրատեանի անունը կրող աւանդական երգի եւ պարի մանկական համոյթը։

Հասմիկ Յարութիւնեանի համար երգերու պահպանումը պարզապէս երաժշտական ժառանգութեան շարունակութիւն չէ․ անիկա յիշողութեան, ինքնութեան եւ նախնիներու հայրենիքին հետ կապի պահպանման միջոց է։ Անոր խօսքով՝ իր նախնիները իրեն փոխանցած են ճանապարհ մը, որ պէտք է շարունակել՝ աւանդական երգերը հասցնելով նոր սերունդներուն։