Կ. Պոլսոյ Պոյաճը գիւղ թաղամասի Սուրբ Երից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ այս տարի եւս Մարիամ Աստուածածնի տօնին առիթով կը պատրաստուի աւանդական հարիսա։
Շաբաթ օրը եկեղեցւոյ պատմական կաթսային մէջ ցորենէ եւ միսէ պատրաստուած հարիսան պիտի բաժնուի համայնքի անդամներուն՝ յաջորդ օրուան Սուրբ Պատարագէն ետք։
Հարիսայի պատրաստութեան աւանդոյթը վերջին տարիներուն աստիճանաբար կը վերականգնուի՝ կապուելով Վաքըֆ գիւղի հայկական աւանդական տօնակատարութիւններուն։
Նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէ եկեղեցական տօնը վերածել համայնքային համախմբման առիթի՝ վերակենդանացնելով հայկական տօնական սովորութիւնները։
