Հոկտեմբեր 17-ին Մոնրէալի հանրայայտ «Outremont» թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ «LEGACY» խորագրով բազմաժանր եւ մուլթիմետիա համերգը՝ կազմակերպուած ՀԲԸՄ-ի «Արուեստ» բաժինի եւ «People of Ar Productions»-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Միջոցառումը պիտի կայանայ ՀԲԸՄ-ի 94-րդ Ընդհանուր ժողովի ծիրէն ներս եւ պիտի նուիրուի կազմակերպութեան 120-ամեայ գործունէութեան։
«LEGACY»-ն մէկ բեմի վրայ պիտի համախմբէ տարբեր սերունդներու հայ արուեստագէտներ՝ ներկայացնելով երաժշտութեան, պարի, կերպարուեստի եւ ժամանակակից տեսարուեստի համադրութիւն։ Երեկոյի մասնակիցներուն շարքին են «Capital Cities» զուգերգի անդամ, երգիչ եւ երգահան Սեպուհ Սիմոնեան, տուտուկահար Էմանուէլ Յովհաննիսեան, գեղանկարիչ Գէորգ Մուրատ, երգչուհի Ինկա Արշակեան, թաւջութակահար Նարեկ Յախնազարեան, սոփրանօ Արմինէ Վարդանեան, հոպոյահար Հայկ Հեքէքեան, «Նաւասարդ» ժողովրդական նախագիծը, ՀԲԸՄ Մոնրէալի «Գառնի» պարախումբը եւ ՀԲԸՄ-ի «Stars» մանկական երգչախումբը։
Ծրագիրին առանձնայատկութիւնը տարբեր արուեստներու միաւորումն է՝ հայկական երաժշտական ժառանգութիւնը ներկայացնելով ժամանակակից բեմական եւ տեսողական լուծումներով։ Կազմակերպիչներուն խօսքով՝ միջոցառման նպատակն է տարբեր սերունդներու արուեստագէտներու միջոցով պահպանել եւ նորովի ներկայացնել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։
«LEGACY»-ն տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 17-ին՝ ժամը 20։00-ին։ Տոմսերու արժէքը 50-150 գանատական տոլար է։ Միջոցառումը նախատեսուած է իբրեւ ՀԲԸՄ-ի 94-րդ Ընդհանուր ժողովի ծրագրի եզրափակիչ մշակութային միջոցառում։
