Հրատարակուած է Տարօնի հայ մշակոյթի նուիրեալներուն նուիրուած գիրք մը 

  • by WesternArmenia, October 22, 2026 in Լուրեր
89 դիտում

Հալէպի «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արքեպիսկոպոս Աշգարեանի ներկայութեամբ, տեղի ունեցած է գրականագէտ եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեանի «Հայ գիրի եւ մշակոյթի տարօնցի սպասաւորներ» գիրքին շնորհանդէսը։ Հատորը հրատարակուած է Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ։

Ձեռնարկի ընթացքին բանախօս Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեան ներկայացուցած է գիրքին պատմամշակութային նշանակութիւնը՝ ընդգծելով, որ ան նուիրուած է պատմական Հայաստանի Տուրուբերան նահանգին, Տարօն աշխարհին եւ հայ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման ծառայած գործիչներուն։

Հեղինակ Լեւոն Շառոյեան անդրադարձած է գիրքին ստեղծման աշխատանքներուն եւ կարեւորած ցեղասպանութենէն ետք հայրենակցական միութիւններուն ստանձնած դերը՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ պատմական ժառանգութիւնը գիրքերու եւ յուշամատեաններու միջոցաւ պահպանելու գործին մէջ։ Ան կոչ ուղղած է վերակենդանացնելու այդ միութիւններուն գործունէութիւնը՝ ազգային արժէքներու պահպանման եւ նոր սերունդները պատմական ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելու նպատակով։

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցած է գիրքին գինեձօնը։