Արեւելեան Հայաստանի կառավարութիւնը 148,5 միլիոն դրամ յատկացուցած է Մատենադարանի համար երկու արժէքաւոր հայկական ձեռագիր ձեռք բերելու նպատակով։ Որոշումը ընդունուած է Հոկտեմբեր 22-ի կառավարութեան նիստին։
Ձեռագիրներէն առաջինը Սարգիս Պիծակի՝ 1353 թուականին Դրազարկի մէջ ընդօրինակած ժողովածուն է, որ կը ներառէ ճառեր, սուրբերու վարքեր եւ միջնադարեան այլ բնագրեր։ Երկրորդը 1695 թուականին Նոր Ջուղայի մէջ Ազարիա գրիչին ընդօրինակած եւ ծաղկած Աւետարանն է՝ հարուստ մանրանկարներով։
Ձեռագիրները ներկայիս կը գտնուին աւստրիական մասնաւոր հաւաքածոյի մը մէջ։ Անոնց ձեռքբերումը հնարաւորութիւն պիտի տայ Մատենադարանին համալրելու հայկական միջնադարեան ձեռագրական եւ մանրանկարչական արուեստի բացառիկ նմուշներու հաւաքածուն։ Միւս երեք ձեռագիրներու ձեռքբերման համար կը նախատեսուի համահայկական դրամահաւաք՝ «Մատեաններու տունադարձը» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս։
