Մատենադարանի հմայիլներու հաւաքածուն՝ միջազգային գիտական հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին 

  • by WesternArmenia, October 15, 2026 in Լուրեր
120 դիտում

Հոկտեմբեր 14-ին Մատենադարանին մէջ մեկնարկած է «Հմայիլներն ու ձեռագիրները» խորագիրով 18-րդ միջազգային գիտաժողովը, որուն առանցքը կը կազմեն ձեռագիր եւ տպագիր հմայիլները, ժողովրդական հաւատալիքները, աղօթքներն ու հմայագործութեան աւանդոյթները՝ տարբեր մշակոյթներու եւ պատմական ժամանակաշրջաններու ծիրին մէջ։

Բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան եւ Ժողովրդական պատմութիւններու ուսումնասիրութեան միջազգային կազմակերպութեան (ISFNR) «Հմայիլներ, հմայագործներ եւ հմայագործութիւն» յանձնաժողովի նախագահ Էմանուէլա Տիմոթին (Ռումանիա)։

Միջազգային գիտական այս հարթակը համախմբած է 12 երկիրներէ շուրջ 30 գիտնականներ եւ հետազօտողներ՝ նպաստելով ձեռագրական ժառանգութեան ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ գիտական երկխօսութեան խորացման։

Հոկտեմբեր 14-17-ը կայացող միջոցառումը կազմակերպուած է Մատենադարանի եւ ISFNR-ի յանձնաժողովին համագործակցութեամբ։ Գիտաժողովի համակարգողն է Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող, արուեստագիտութեան թեկնածու Դաւիթ Ղազարեան։