Սեպտեմբեր 4-7-ը Սիւնիքի մարզի Մեղրի քաղաքին մէջ պիտի կայանայ աւանդական տարազներու եւ արհեստներու միջազգային «TARAZ fest–Մեղրի 2026» փառատօնը։
Փառատօնը կ՚իրականացուի Արեւելեան Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան, ԱՊՀ անդամ պետութիւններու մարդասիրական համագործակցութեան միջպետական հիմնադրամի աջակցութեամբ եւ «Տէրեան մշակութային կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ։
«TARAZfest»-ը կեդրոնին ամէնամեայ կարեւոր մշակութային ծրագիրներէն մէկն է։ Անոր նպատակն է պահպանել եւ հանրահռչակել ազգային աւանդական հագուստը, ազգային գործուածքը եւ ժողովրդական արհեստները, ինչպէս նաեւ խթանել միջազգային մշակութային համագործակցութիւնը։
Այս տարուան փառատօնին պիտի մասնակցին ձեւաւորողներ, արհեստաւորներ եւ պատուիրակութիւններ Ղազախստանէն, Տաճիկստանէն, Ղրղզստանէն, Ռուսաստանէն, Պելառուսէն, Թուրքմենստանէն եւ Ուզպէքիստանէն։
