Միջազգային «Հրանդ Տինք» մրցանակը 18-րդ անգամ պիտի շնորհուի

  • by Editbeglari, September 11, 2026 in Լուրեր
124 դիտում

Միջազգային «Հրանդ Տինք» մրցանակը այս տարի 18-րդ անգամ պիտի շնորհուի 15 Սեպտեմբերին՝ Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը։

Մրցանակը կը շնորհուի այն անհատներուն կամ նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը պայքարին խտրականութեան դէմ, ցեղապաշտութենէ եւ բռնութենէ զերծ, աւելի ազատ ու արդար աշխարհի մը համար՝ ոգեշնչելով մարդիկը եւ խաղաղութեան ու համերաշխութեան ճանապարհին յոյս տարածելով։

Մրցանակը ամէն տարի կը շնորհուի Արեւմտեան Հայաստանէն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ երկու անհատներու կամ կազմակերպութիւններու։ Արարողութեան ընթացքին «Լոյսեր» խորագրին ներքոյ կ’առանձնացուին նաեւ ոգեշնչող անհատներ եւ նախաձեռնութիւններ։

2026 թուականի մրցանակաբաշխութեան ժիւրիին մաս կը կազմեն Ասենա Կիւնալը, Պերքուն Օյանը, Պոնիթա Պենեթը, Պիւլենթ Շըքը, Ճեմալ Քաֆատարը, Ֆարիպա Նաւան, Ֆերայ Սալմանը, Հելենա Մալէնօ Կարսոնը, Կալիպսօ Նիքոլայիտիսը, Նաիրա Սուլթանեանը եւ Ռաքէլ Տինքը։

2025 թուականին մրցանակը շնորհուած էր Պիւլենթ Շըքին եւ Սպանիայէն Հելենա Մալէնօ Կարսոնին։