«Մշոյ գիրքը»․ հայ կիներու հերոսութիւնն ու ազգային յիշողութեան փրկութիւնը

  • by WesternArmenia, October 13, 2026 in Լուրեր
111 դիտում

Հոկտեմբեր 13-ին Երեւանի «Զանգակ» գրատան մէջ ներկայացուեցաւ իտալահայ գրող Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը» վէպին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը։ Վարդան Մատթէոսեանի թարգմանութեամբ եւ «Սիս» հրատարակչութեան կողմէ լոյս տեսած գիրքը կը պատմէ Հայերու Ցեղասպանութեան տարիներուն հայկական մեծագոյն ձեռագիր մատեաններէն մէկուն՝ «Մշոյ Ճառընտիր»-ին փրկութեան իրական պատմութիւնը։

Ներկայացման ընթացքին հեղինակը շեշտեց հայ կիներու արիութիւնն ու անձնազոհութիւնը։ Անոնք, յաղթահարելով անձնական ողբերգութիւնները, իրենց առջեւ նպատակ դրած էին փրկել հայ մշակոյթի անգին գանձը։ Վէպին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն նաեւ հայերուն օգնութեան ձեռք երկարած յոյներու կերպարները։

Հանդիպման ընթացքին ընթերցուեցան վէպէն հատուածներ, որոնք կը փոխանցէին կոտորածներու եւ բռնագաղթի սարսափները, ինչպէս նաեւ վերապրելու համար հայ կիներու մղած պայքարը։

Անթոնիա Արսլանի համաձայն՝ գիրքը երկու կարեւոր պատգամ ունի՝ հայ կիներու տոկունութեան եւ գրաւոր մշակոյթի պահպանման նշանակութեան մասին։ «Մշոյ գիրքը» կը յիշեցնէ, որ ձեռագիր մատեանները ոչ միայն անցեալի վկաներ են, այլեւ հայ ժողովուրդի մշակութային շարունակականութեան եւ ազգային յիշողութեան խորհրդանիշները։