Յերթական պատմական կեղծիքը  Ստեփանակերտին  մասին

  • by Editbeglari, January 27, 2024 in Մշակոյթ
410 դիտում

Բաքուին ղեկավար Իլհամ Ալիեւ, ելոյթ ունենալով բռնազաւթուած Ստեփանակերտ քաղաքին մարզադաշտը, յայտարարած է, որ «Խանքենդին (Ստեփանակերտը) հին ադրբեջանական շրջան է: Այս գիւղը հիմնադրուած է Ղարաբաղի խանի կողմեն, իսկ ատկէ ետք ադրբեջանցի ճարտարապետներու եւ շինարարներու կողմեն՝ Բաքուի միջոցներով ստեղծուած է խոշոր քաղաք»։ Բաքուին ղեկավարին ելոյթը կը պարունակէ պատմական փաստերու բացայայտ կեղծումներ եւ  աղաւաղումներ: Ակնյայտ է, որ ինչպէս Արեւմտեան Հայաստանի բազմաթիվ բնակավայրերու, այնպէս ալ Ստեփանակերտ քաղաքին ինքնութեան եւ պատմութեան «թուրքաֆիկացումը» այս երկրի վարչակարգին հայատեաց քաղաքականութեան մասն է: Ստեփանակերտ քաղաքի հիմնադրման, զարգացման, կառուցապատման մասին մեծ թուով տեղեկութիւններ կը պարունակեն 19-րդ դարի հայկական սկզբնաղբիւրները, Ռուսական կայսրութեան պաշտօնական վավերագիրները, որտեղ մանրամասնօրէն կը ներկայացուին  բնակավայրերու բնակչութեան էթնիկ կազմը, զբաղմունքը, կալուածատիրական փոխհարաբերութիւնները, հարկերը եւ  այլն: Համաձայն հայկական աղբիւրներու՝ ժամանակակից Ստեփանակերտ քաղաքին վարչական տարածքը եղած են քանի մը հայկական գիւղեր՝ Վարարակնը, Փահլուլը, Կրկժանը եւ այլն: 18-րդ դարին վերջին ներկայիս Ստեփանակերտին հիւսիսարեւելեան կողմը կը յիմնուի  Շուշիին խաներու ձմեռանոցը, որը կը յիշատակուի որպէս «Խանինբաղ», այսինքն՝ խանի այգի:

Այդ տարածքները կը դառնան Շուշիի խաներու եւ  անոնց ընտանիքին անդամներու անձնական կալուածքները: Վերոյիշեալ տարածքներու մէջ կը մտներ նաեւ հայկական Վարարակն բնակավայրը, որը եւս կը դառնա  խանական կալուածք֊խանական գիւղ, եւ կսկսէ յիշատակուիլ՝ որպէս Խանքենդին բառացիօրէն խանի գիւղ: 19-րդ դարի 20-ական թուականներուն Վարարակնին բնակչութիւնը բավականին նոսրացած էր, ռուսական պաշտօնական վավերագիրներու մէջ կը յիշատակուին միայն 40 ծուխ հայեր եւ անոնց քահանան, իսկ յետագային գիւղը կը լքուի, քանի որ բնակչութիւնը կը տեղափոխուի  Շուշի։ 

Western Armenia TV-ին առաջիկային կներկայացնէ պատմական ակնարկներ, որոնք կփաստեն Ստեփանակերտին հայկական ըլլալը։