Յիշելով Արշակ Ֆեթուաճեանը

  • by WesternArmenia, October 05, 2026 in Լուրեր
127 դիտում

Հայ կերպարուեստի նշանաւոր ներկայացուցիչ, ճարտարապետական բնանկարի հիմնադիր եւ ջրաներկի վարպետ Արշակ Ֆեթուաճեանի ծննդեան տարեդարձին առիթով յիշենք անոր կարեւոր ժառանգութիւնը։

Ֆեթուաճեան մասնագիտական կրթութիւն ստացած է Կոստանդնուպոլսոյ Գեղարուեստի կայսերական վարժարանին եւ Հռոմի Սան Լուկա ակադեմիային մէջ։ Անոր ստեղծագործական ժառանգութիւնը կ՚ընդգրկէ դիմանկարներ, կրօնական եւ կենցաղային պատկերներ, ազգային տարազներով հայերու կերպարներ, ինչպէս նաեւ Հայոց պատմութեան եւ դիցաբանութեան նուիրուած աշխատանքներ։

1900–1919 թուականներուն Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ նկարիչը ստեղծած է հայկական միջնադարեան եկեղեցիներու, Անիի աւերակներու եւ քանդակազարդ բեկորներու աւելի քան 2000 ջրաներկ եւ մատիտանկար։ Այս աշխատանքները կարեւոր վաւերագրական աղբիւր են հայկական մշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութեան համար։

1918-ին Էջմիածնի մէջ Ֆեթուաճեան ականատես եղած է հայ գաղթականներու եւ որբերու ծանր վիճակին։ Այդ տարիներուն ան ստեղծած է նաեւ հայ կիներու եւ աղջիկներու բազմաթիւ պատկերներ՝ պահպանելով անոնց աւանդական տարազներու եւ կենցաղի տեսքը։

Ֆեթուաճեան նաեւ Առաջին Հանրապետութեան հայկական դրամանիշերու գեղարուեստական ձեւաւորման հեղինակն է։ Անոր ստեղծագործութիւններէն եւ արխիւային լուսանկարներէն մէկը՝ «Փոքր եղբայրը գրկած գաղթական հայ որբուհին» լուսանկարը, այսօր կը ցուցադրուի Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ։