Յունաստանի մէջ բացուած է հայ նկարչուհի Սարկօ Մենէի գործերու ցուցահանդէսը 

  • by WesternArmenia, October 29, 2026 in Լուրեր
114 դիտում

Աթէնքի Kourd Gallery պատկերասրահին մէջ, Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ, բացուած է հայ նկարչուհի Սարկօ Մենէի «Floral Meteorites from Armenia» («Ծաղկային երկնաքարեր Հայաստանէն») խորագրով ցուցահանդէսը։ Բացման ներկայ գտնուած է Յունաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեան։ Ցուցահանդէսը առաջին անգամ ըլլալով Յունաստանի մէջ կը ներկայացնէ նկարչուհիին ստեղծագործութիւնները եւ բաց պիտի մնայ մինչեւ Դեկտեմբեր 10։

Դեսպանը ընդգծած է մշակութային դիւանագիտութեան նշանակութիւնը հայ-յունական բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ՝ կարեւորելով արուեստագէտներու եւ մշակութային հաստատութիւններու համագործակցութիւնը։ Ան նաեւ անդրադարձած է նկարչուհիին կարգ մը ստեղծագործութիւններուն եւ յունական դիցաբանութեան ու փիլիսոփայութեան միջեւ առկայ առնչութիւններուն։

Ցուցահանդէսին բացումը կը զուգադիպի Աթէնքի Ակրոպոլիսի թանգարանին մէջ «Հնագոյն Հայաստան» ցուցահանդէսին նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Ցուցահանդէսը պիտի բացուի 2026 թուականի Նոյեմբեր 20-ին եւ պիտի ներկայացնէ շուրջ 200 հնագիտական նմոյշ՝ բացայայտելով Հայաստանի մշակութային զարգացումը՝ նախապատմական ժամանակներէն մինչեւ չորրորդ դարուն քրիստոնէութեան հաստատումը։

Երկու ցուցահանդէսներն ալ կարեւոր հնարաւորութիւն կը ստեղծեն հայկական մշակոյթը միջազգային հանրութեան ներկայացնելու, հայ-յունական մշակութային կապերը ամրապնդելու եւ ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութիւնը խորացնելու համար։