Նարեկացիի մատեանի՝ Սայաթ Նովայի նմանահանութեան շնորհանդէսը Երեւանի մէջ

  • by Editbeglari, September 25, 2025 in Լուրեր
211 դիտում

Սեպտեմբեր 19-ին Երեւանի «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ կայացաւ «Գրիգորի Նարեկայ Վանից Վանականի Մատեան Ողբերգութեան գրիչ՝ Սայաթ Նովա» գիրքին նմանահանի շնորհանդէսը։
Միջոցառման մասնակցեցան Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշն. Տ. Բաբկէն Արք. Չարեան, «Հորիզոն» թերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան եւ մշակութասէր հասարակութիւն։

Յատուկ այս հրատարակութիւնը հիմնուած է Մատենադարանին №10838 ձեռագրին վրայ, որ Սայաթ Նովա 1761-ին Պարսկաստանի Էնզելի քաղաքին մէջ իր ձեռքով ընդօրինակած էր։ Գիրքը հերթական անգամ կը հաստատէ մեծ աշուղի հայ ըլլալը։

Շնորհանդէսին ընթացքին հնչեցին ելոյթներ, երաժշտական կատարումներ եւ ասմունք։ «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր նախագահ Նարեկ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ ձեռագրի հրատարակումը կարելի եղաւ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանին աջակցութեամբ։

Գերշն. Տ. Բաբկէն Արք. Չարեան նշեց․ «Այսօր Սայաթ Նովայի միջոցով կրկին Նարեկացին ապրեցանք։ Մեր հանճարները անմահ են, քանի դեռ մենք կ’ապրեցնենք զանոնք»։

Միջոցառման աւարտին Սրբազանին յանձնուեցաւ «Հայ մշակոյթի դեսպան» յուշանուէրը։