Պոլսոյ մէջ նշուած է Զարեհ Խրախունիի ծննդեան 100-ամեակը 

  • by WesternArmenia, October 22, 2026 in Լուրեր
97 դիտում

Պոլսոյ Նարեկեան սրահին մէջ տեղի ունեցած է ժամանակակից արեւմտահայ բանաստեղծութեան կարեւորագոյն ներկայացուցիչներէն մէկուն՝ Զարեհ Խրախունիի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը։ Ձեռնարկին ներկայ եղած է հայոց պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեան՝ հոգեւորականներու ընկերակցութեամբ։

Հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանէն ժամանած գրականագէտներ Ռուզաննա Առաքելեան, Սուրէն Դանիէլեան եւ Քնարիկ Աբրահամեան ներկայացուցած են բանաստեղծին գրական վաստակն ու ստեղծագործական առանձնայատկութիւնները՝ անոր ժառանգութիւնը դիտարկելով ժամանակաշրջանի գրական եւ մշակութային համածիրին մէջ։

Ծրագիրին մաս կազմած են նաեւ երաժշտական կատարումներ՝ հայ անուանի երգահաններու ստեղծագործութիւններէն, ինչպէս նաեւ Զարեհ Խրախունիի խօսքերով գրուած երգեր։ Ընթերցուած են նաեւ բանաստեղծին նուիրուած գրական ուսումնասիրութիւններէն հատուածներ։

Ձեռնարկի աւարտին պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեան ողջունած է կազմակերպիչներուն նախաձեռնութիւնը՝ կարեւորելով արժանաւոր բանաստեղծին անունն ու գրական ժառանգութիւնը մեծարելու աշխատանքը։