Պոլսոյ մշակութային կեանքին մէջ գիրքի եւ հայ մամուլի շուրջ ձեւաւորուած աւանդոյթը նոր շունչով կը վերակենդանանայ։ «Արաս» հրատարակչութեան եւ «Եսայեան» միութեան համագործակցութեամբ՝ Հոկտեմբեր 8-10-ը Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Նարեկեան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Կրկին գիրքի փառատօն»-ը։
Եռօրեայ միջոցառումը մէկ յարկի տակ պիտի համախմբէ հրատարակիչներ, հեղինակներ, թարգմանիչներ, հայ մամուլի ներկայացուցիչներ, հնավաճառներ եւ ընթերցողներ։ Փառատօնին նպատակն է շարունակել Պոլսոյ մէջ տարիներ առաջ ձեւաւորուած գրական ու հրատարակչական հանդիպումներու աւանդոյթը՝ զայն կապելով ժամանակակից մշակութային կեանքին հետ։
Փառատօնի տաղաւարներուն իրենց հրատարակութիւններով պիտի ներկայանան պոլսահայ մամուլի ներկայացուցիչները՝ «Մարմարա», «Ժամանակ», «Ակօս», «Փարոս» եւ «Լոյս TV», ինչպէս նաեւ հայկական տարբեր հաստատութիւններու եւ անկախ հրատարակիչներու հրատարակութիւնները։
Ծրագրին մէջ ընդգրկուած են դպրոցական այցելութիւններ, աշխատանոցներ, գիրքերու մակագրութիւններ, ընթերցումներ եւ հեղինակային հանդիպումներ։ Յատուկ անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ պոլսահայ մամուլի աշխատանքին, թարգմանութեան արուեստին եւ գիրքի ստեղծման ու տարածման ուղիին։
Փառատօնը պիտի եզրափակուի Հոկտեմբեր 10-ին՝ Թարգմանչաց տօնին նուիրուած հանդիպումով, որուն ընթացքին տարբեր թարգմանիչներ պիտի քննարկեն լեզուներու, գրականութեան եւ թարգմանական աշխատանքի առանձնայատկութիւնները։
«Կրկին գիրքի փառատօն»-ը ոչ միայն մշակութային հանդիպումներու, այլեւ հայերէն լեզուի, մամուլի եւ գրական ժառանգութեան պահպանման ու շարունակականութեան կարեւոր հարթակ է։
