Ջաւախքը՝ միջազգային ժապաւէնի փառատօններու ուշադրութեան կեդրոնը

  • by Editbeglari, August 03, 2026 in Լուրեր
105 դիտում

Ջաւախքի Գանձա գիւղին մէջ նկարահանուած «Այնտեղ կրակ է» վաւերագրական ժապաւէնը յաջողութեամբ ցուցադրուած է Զուիցերիոյ, Գանատայի, Լեհաստանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի ժապաւէնի փառատօններուն՝ արժանանալով բարձր գնահատականներու։

Գանատահայ բեմադրիչ Մարլէն Էտոյեանի ժապաւէնը կը պատմէ Ջաւախքի երեք հայ երիտասարդներու կեանքին, ընտրութիւններուն եւ երազանքներուն մասին՝ ներկայացնելով նաեւ շրջանի հայկական ինքնութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը։