Մատենադարանին յրատարակչութիւնը լոյս է ընծայած Մատենադարանին գիտաշխատող Վեներա Մակարեանին «Պատմական Սիրիային հայերը օսմանեան շրջանը (16-18-րդ դարեր)» աշխատութիւնը:
Գիրքը նւիրուած է Պատմական Սիրիային հայերու օսմանեան շրջանի, մասնաւորապէս՝ 16-18-րդ դարերու պատմութեան, սոցիալ-տնտեսական կարգավիճակի եւ հոգեւոր-մշակութային կեանքի ուսումնասիրութեանը։
Մատենադարանէն կը յայտնեն, որ փորձ է ըրուած երեւան հանիլ եւև ընդգծիլ տեղի հայերու կարգավիճակին առանձնայատկութիւնները Օսմանեան կայսրութեան մէջ՝ այլադաւաններու նկատմամբ վարած քաղաքականութեան համատեքստւ։ Նիւթը շարադրուած է հայերէն եւ այլալեզու սկզբնաղբիւրներու, վավերագիրներու եւ գրականութեան հիման վրայ։Գիրքը նախատեսուած է հայ գաղթօջախներու, Պատմական Սիրիային մաս կազմող ներկայիս պետութիւններու եւ Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան ուսումնասիրողներու համար։
