Տեղի ունեցաւ երկու գիրքերու շնորհանդէս․ ներկայացուեցան Աշխէն Յարութիւնեանի «Քշաթոխպ» պատմուածքը՝ Արցախի բարբառով, եւ Լիլիթ Մկրտչեանի «Քարհանգիստ» պատմուածքներու ժողովածուն՝ Գիւմրիի բարբառով 

  • by Editbeglari, September 12, 2026 in Լուրեր
106 դիտում

Սեպտեմբեր 11-ին Երեւանի մէջ՝ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ երկու գիրքի շնորհանդէս։ Աշխէն Յարութիւնեանի «Քշաթոխպ» պատմուածքը Շուշիի մասին է՝ գրուած Արցախի բարբառով, իսկ Լիլիթ Մկրտչեանի «Քարհանգուստ» պատմուածքներու ժողովածուն Գիւմրիի մասին է՝ գիւմրուայ բարբառով։

Երկու գիրքերուն տպագրութիւնը իրականացուած է լոնտոնաբնակ բարերար, «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձու Բագրատ Նազարեանի եւ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ։

Շնորհանդէսին ներկայ էին Թէքէեան մշակութային միութեան նախագահ Ռուբէն Միրզախանեան, գիրքերու հեղինակները, գրողներ, գրականագէտներ, մշակոյթի գործիչներ, արցախցիներ, գիւմրեցիներ եւ հիւրեր։

Ներկաները ողջունեց «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեան։ Ան նշեց, որ Հայոց երկու քաղաքներուն՝ Շուշիի ու Գիւմրիի նուիրուած գիրքերուն մէջ նկարագրուած են մեր աշխարհագրութիւնը, մեր պատմութիւնը, մեր աւանդութիւնները եւ անոնց բնակիչները։ Բովանդակութենէն զատ՝ ան կարեւորեց նաեւ այն հանգամանքը, որ գիրքերը գրուած են բարբառներով։

«Մենք օրինակ պիտի հանդիսանանք, որպէսզի ուրիշներն ալ նպաստեն, որ մեր բարբառներով, արեւմտահայերէնով աւելի շատ գրական գործեր ստեղծուին», ըսաւ ան։

Ծնունդով գիւմրեցի գրականագէտ եւ նկարիչ Լեւոն Լաճիկեան իր ելոյթին մէջ առանձնացուց այն հանգամանքը, որ Հայոց երկու քաղաքները՝ Գիւմրին ու Շուշին, մշակոյթի զարգացման առումով շատ նմանութիւններ ունին։ Երկու քաղաքներուն մէջ ալ վաղուց թատրոններ գործած են, թերթեր հրատարակուած են, մշակոյթի գործիչներ ծնած են, երաժշտութիւն գրուած է, արհեստներ զարգացած են։

Եւ այսօր նոյն քաղաքներուն մասին են ներկայացուող գիրքերը, որոնց հեղինակներէն մէկը Շուշիէն է, միւսը՝ ԳիւմրիԷն։

«Նաեւ նման են այդ երկու քաղաքները ողբերգութեան առումով։ 1920 թուականի Մարտ 19-ի լոյս 20-ի գիշերը տեղի ունեցաւ Շուշուայ հայութեան սպանդը։ Անկէ 16 տարի անց Լենինականի երկրաշարժն էր՝ ժաժքը…», աւելցուց Լ. Լաճիկեան։

Խօսելով «Քարհանգուստ» գիրքին մասին՝ ան նշեց, որ անոր հերոսները գիւմրեցիներն են՝ իրենց իւրայատուկ հիւմորով ու երանգով։

«Գիւմրեցիին ապրելակերպը պարզ է. ան կը կարողանայ ծիծաղիլ ցաւի մէջ, կատակել՝ կորստի կողքին եւ պահել արժանապատուութիւնը՝ նոյնիսկ ամենադժուար պահերուն», նշեց ան։

Արցախի Հանրապետութեան ԿԳՄՍ նախկին նախարար, այժմ Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի տնօրէն Լուսինէ Ղարախանեան, խօսելով Աշխէն Յարութիւնեանի «Քշաթոխպ» գիրքին եւ անոր գլխաւոր հերոսին՝ Ամոսիկին մասին, նշեց, որ Ամոսիկը իսկական արցախցի է։

«Արցախեան բարբառը գիրքի բովանդակութիւնը եւ վաւերականութիւնը դարձուցած է շատ յուզիչ ու շատ հարազատ», ըսաւ Լ. Ղարախանեան։

«Այսօր կը փորձեն մոռացութեան ալիքին տակ ծածկել այն ամէնը, ինչ մենք ունեցած ենք Արցախ աշխարհին մէջ՝ մեր յիշողութիւնները։ Մոռացութեան ալիքին տակ մեր ողբերգութիւնը տեսակ մը հնացած կը թուի, յատկապէս օտարներուն համար։ Եւ Աշխէն Յարութիւնեանի «Քշաթոխպ» գիրքին ծնունդը յիշողութեան վերականգնում է, դիմադրութիւն է այդ մոռացութեան ալիքին», իր խօսքին մէջ ըսաւ բանաստեղծ, արձակագիր, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան։

Գիրքերու տպագրութեան հովանաւոր Բագրատ Նազարեան եւս կարեւորեց այն հանգամանքը, որ անոնք գրուած են բարբառներով, ինչ որ իրեն աւելի ոգեւորած է։

Աշխէն Յարութիւնեան նշեց, որ ունի նաեւ այլ ստեղծագործութիւններ, որոնք հիմնականօրէն պատերազմի մասին են եւ գրուած են գրական հայերէնով։

«Շատ ուրախացայ, որ պարոն Նազարեանը առաջարկեց այս գիրքը տպագրել, քանի որ անիկա արցախեան բարբառով է եւ թիրախային։ Գիտեմ՝ շատերը երեւի չհասկնան բարբառով գրուածը, իսկ ասիկա կը նշանակէ, որ մեր մէջ տակաւին ինչ-որ բան այն չէ, եւ ինչ-որ բան պէտք է փոխել։ Կը յուսամ՝ պիտի գայ այն ժամանակը, որ պիտի հասկնանք մեր բոլոր բարբառները», շարունակեց հեղինակը։

Շնորհանդէսէն ետք հեղինակները իրենց ստորագրութեամբ գիրքերը նուիրեցին ներկաներուն։ Նուէրներու շարքին մէջ էր նաեւ «Գուրգէն Մելիքեանի՝ Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքներուն հիմնադրամ»-ի գործադիր տնօրէն Գուրգէն Մելիքեան, որ տարիներ շարունակ մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է արցախցիներուն եւ այսօր ալ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։

Նշենք, որ Բագրատ Նազարեան նաեւ ԳՄՔԲԸՀ հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ է։

Գիրքերու շնորհանդէսին զուգահեռ՝ «Թէքէեան» կեդրոնի ցուցասրահին մէջ բացուած էր Հադրութի մանկապատանեկան ստեղծագործութիւններու կեդրոնի սաներուն եւ աշխատակիցներուն ձեռքի աշխատանքներու ու նկարներու ցուցահանդէս-վաճառք։

Կեդրոնի տնօրէն Իրա Թամրազեան ներկայացուց ցուցադրուած նմոյշները եւ անդրադարձաւ իրենց աշխատանքներուն։

 Միջոցառումը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ։