Էմմիի քառակի մրցանակակիր հայազգի բեմադրիչ Բարեդ Մարոնեանի «Ցեղասպանութիւն 2.0․ էթնիք զտում Արցախի մէջ» լիամետրաժ վաւերագրական ժապաւէնը արժանացած է «Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն՝ հասարակական խնդիրներու լուսաբանման համար» մրցանակին՝ ԱՄՆ-ի Օհայօ նահանգի Չագրին Ֆոլս քաղաքին մէջ Հոկտեմբեր 6-11-ը տեղի ունեցած Չագրինի վաւերագրական ժապաւէններու փառատօնին։
Ժապաւէնը կ՚անդրադառնայ Արցախի տասը ամիս տեւած շրջափակման, 2023 թուականի Սեպտեմբերեան ռազմական գործողութիւններուն եւ աւելի քան 120 հազար հայերու բռնի տեղահանութեան։
Ժապաւէնը հայ ժողովուրդի ճակատագիրին նուիրուած բեմադրիչին եռագրութեան վերջին մասն է։ Նախորդ երկու ժապաւէններն են՝ «Ցեղասպանութեան որբերը» եւ «1915 թուականի կիները», որոնք ցուցադրուած են նաեւ ամերիկեան PBS հեռուստաալիքով։
