Փաստեղը հայկական աւանդական մրգային լաւաշ մըն է, որ ծանօթ է նաեւ «թթու լաւաշ» անունով։ Ան կը պատրաստուի հասած պտուղներու եւ հատապտուղներու խիւսէն ու կը տարբերի իր բնական համով եւ պարզ բաղադրութեամբ։
Այս բարակ ու ճկուն մրգային թերթիկը յաճախ ունի թթուաշ համ, քանի որ աւանդաբար կը պատրաստուի հոնէ, սալորէ, կեռասէ, խնձորէ եւ այլ թթուահամ մրգերէ։ Սակայն փաստեղը կրնայ պատրաստուիլ նաեւ թութէ, ծիրանէ, դեղձէ, մոշէ, ազնուամորիԷ եւ տանձներէ, ինչի շնորհիւ աւելի քաղցր եւ մեղմ համ կը ստանայ։
Փաստեղին գլխաւոր առանձնայատկութիւնն այն է, որ անոր պատրաստութեան ընթացքին չեն գործածուիր ո՛չ շաքար, ո՛չ ալ օսլայ։ Ան կը պատրաստուի միայն մրգային խիւսով, փոքր քանակութեամբ ջուրով եւ արեւու բնական ջերմութեամբ։ Դարեր շարունակ փաստեղը եղած է հայկական խոհանոցին կարեւոր մասերէն մէկը՝ պահպանելով միրգերու բնական համն ու օգտակար յատկութիւնները։
