Փարիզի մէջ գրական երեկոյ՝ Արցախի մասին պատմող «Նամակներ դրախտէն» գիրքին նուիրուած 

  • by WesternArmenia, October 03, 2026 in Լուրեր
133 դիտում

Սեպտեմբեր 29-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ մը՝ նուիրուած «Նամակներ դրախտէն» հայերէն-ֆրանսերէն երկլեզու նամակագրական ժողովածուին։

Գիրքին համահեղինակներն են արցախցի բանաստեղծ եւ գրող Հերմինէ Աւագեան եւ փիլիսոփայ, «Արեւելքի քրիստոնեաները France Culture-ի մէջ» հաղորդաշարի արտադրիչ Ուլիս Մանժէս։ Գիրքը 2026 թուականին հրատարակած է Newmag-ը։

La Guilde-ի եւ Արցախի աջակցութեան ընկերակցութեան համատեղ կազմակերպած միջոցառումը, որ կը կրէր «Արցախը՝ իմ հայրենիք» խորագիրը, համախմբեց քաղաքական, մտաւորական եւ գրական շրջանակներու ներկայացուցիչներ։

Երեկոյի ընթացքին անդրադարձ եղաւ հայրենիքի, յիշողութեան, կորստեան եւ վերադարձի նիւթերուն։ Հերմինէ Աւագեան նամակներու միջոցով կը պատմէ իր կեանքին, Արցախի եւ Աշան գիւղին մասին։ Գրականութիւնը անոր համար կը դառնայ հայրենիք վերադառնալու միջոց մը, երբ ֆիզիքական վերադարձը այլեւս հնարաւոր չէ։