Փարիզի մէջ ներկայացուեցաւ Արցախին նուիրուած «Նամակներ դրախտէն» գիրքը

  • by WesternArmenia, October 06, 2026 in Լուրեր
112 դիտում

Սեպտեմբեր 29-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ՝ նուիրուած արցախցի բանաստեղծ եւ գրող Հերմինէ Աւագեանի եւ փիլիսոփայ Ուլիս Մանժէսի համահեղինակած «Նամակներ դրախտէն» հայերէն-ֆրանսերէն գիրքին։ Հատորը այս տարի հրատարակած է «Newmag» հրատարակչութիւնը։

«Արցախը՝ Հայրենիքս» խորագրով միջոցառումը կազմակերպուած էր La Guilde-ի եւ Արցախի աջակցութեան միութեան նախաձեռնութեամբ՝ համախմբելով Ֆրանսայի քաղաքական, մտաւորական եւ գրական շրջանակներու ներկայացուցիչներ։

Երեկոյի ընթացքին անդրադարձ եղաւ հայրենիքի, յիշողութեան, կորստեան եւ վերադարձի նիւթերուն։ Հերմինէ Աւագեան իր նամակներուն մէջ կը պատմէ Արցախի, իր կեանքին եւ Աշան գիւղին մասին՝ գրականութիւնը դիտելով իբրեւ հայրենիք վերադառնալու միջոց, այն պայմաններուն մէջ, երբ ֆիզիքական վերադարձը հնարաւոր չէ։

«Նամակներ դրախտէն»-ը նաեւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան յիշողութիւնն ու ձայնը պահպանելու գրական փորձ մըն է՝ յատկապէս 2023-ի սեպտեմբերեան բռնի տեղահանութենէն ետք։

Միջոցառման ներկայ էին Ֆրանսայի Սենատի Արցախի եւ Հայաստանի հետ բարեկամութեան շրջանակներու ղեկավարները, պետական ու հասարակական գործիչներ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։