Կ․ Պոլսոյ Պաքըրքէօյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող «Քառասուն Մանկանց» մանկական երգչախումբը, երկար ընդմիջումէ մը ետք, հանդէս եկաւ համերգով՝ նշելով իր հիմնադրութեան 136-ամեակը։
Մայիս 24-ին, Տատեան վարժարանի Տիգրան Կիւլմեզկիլի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցած համերգին մասնակցեցան Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեան, համայնքային եւ կրթական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հիւրեր։
Սերկան Կազերօղլուի ղեկավարութեամբ բեմ բարձրացաւ 23 երեխաներէ կազմուած երգչախումբը, որ ներկայացուց 18 հայկական երգ։ Համերգին մասնակցեցան նաեւ մենակատարներ, երաժիշտներ եւ պարախումբ մը՝ ստեղծելով հարուստ մշակութային մթնոլորտ։
Երեկոյի աւարտին պատրիարք Սահակ Մաշալեան շնորհաւորեց երգչախումբի անդամները, խմբավարը եւ կազմակերպիչները՝ ընդգծելով նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը հայկական մշակոյթի, լեզուի եւ ինքնութեան պահպանման գործին մէջ։
Աւելի քան մէկդարեայ պատմութիւն ունեցող «Քառասուն Մանկանց» երգչախումբը կը շարունակէ մնալ պոլսահայ համայնքի մշակութային կեանքի կարեւոր խորհրդանիշներէն մէկը՝ հայկական երգարուեստի ժառանգութիւնը փոխանցելով նոր սերունդներուն։
