
Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը «Երեւան Կալա» բացառիկ համերգով հանդիսաւոր կերպով բացաւ «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահի նոր բացօթեայ հարթակը՝ Khachaturian Rooftop-ը։
Մայրամուտի գեղեցիկ տեսարանի ներքոյ հնչեցին Երեւանի մասին սիրուած երգերը՝ ստանալով նոր սիմֆոնիք մեկնաբանութիւն։ Համերգը ղեկավարեցին Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էտուարտ Թոփչեանն ու խմբավար Յարոսլաւ Բիչկովը։ Երեկոյին մասնակցեցան նաեւ յայտնի հայ կատարողներ, իսկ յատուկ հիւրն էր օփերային երգիչ Լիպարիտ Աւետիսեանը։
Նոր բացօթեայ հարթակը նախատեսուած է դառնալու համերգասրահի մշակութային կեանքի կարեւոր կեդրոններէն մէկը՝ հիւրընկալելով երաժշտական եւ մշակութային բազմաբնոյթ ձեռնարկներ։
