«Արցախի ժողովուրդի յիշողութիւնը, արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները չեն կրնար դառնալ զբօսաշրջային ծառայութիւն»

  • by Editbeglari, July 29, 2026 in Լուրեր
71 դիտում

Անընդունելի է մարդկային ողբերգութիւնը վերածել զբօսաշրջային երթուղիի։ Marriott Bonvoy Activities հարթակին միջոցով գրաւեալ Շուշի եւ Ստեփանակերտ կազմակերպուող զբօսաշրջային այցելութիւնները խոր մտահոգութիւն եւ արդարացի վրդովմունք կը յառաջացնեն։

Այն պայմաններուն մէջ, երբ աւելի քան 120 հազար արցախահայեր բռնի տեղահանուած են իրենց հայրենիքէն, այդ ողբերգութեան հետեւանքներէն առեւտրային շահ ստանալը բարոյապէս անընդունելի է։ Այսպիսի նախաձեռնութիւնները պարզապէս զբօսաշրջային ծրագիրներ չեն․ անոնք վտանգաւոր նախադէպ կը ստեղծեն՝ բռնի տեղահանութեան եւ էթնիկ զտման հետեւանքները ներկայացնելով որպէս սովորական իրականութիւն եւ զբօսաշրջային ուղղութիւն։

Նման քայլերը կը նպաստեն կատարուած անարդարութեան բնականոնացման եւ կը հակասեն մարդու իրաւունքներու, պատմական արդարութեան ու բարոյական պատասխանատուութեան սկզբունքներուն։ Միջազգային ընկերութիւնները պարտաւոր են գիտակցիլ իրենց պատասխանատուութիւնը։ Գործարարութիւնը պէտք չէ դառնայ բռնի տեղահանութեան եւ միջազգային իրաւունքի խախտումներու հետեւանքները օրինականացնելու ուղղակի կամ անուղղակի միջոց։

Կոչ կ՛ուղղուի Marriott International-ին՝ անմիջապէս հեռացնելու իր հարթակէն գրաւեալ Արցախ այցելութիւններու վերաբերեալ բոլոր առաջարկները եւ թոյլ չտալու, որ իր հեղինակաւոր ապրանքանիշը օգտագործուի մարդասիրական հետեւանքներու առեւտրայնացման համար։

Արցախի ժողովուրդի յիշողութիւնը, արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները չեն կրնար դառնալ զբօսաշրջային ծառայութիւն։