ՀՀ կառավարութեան որոշումով Գառնիի մէջ պիտի ստեղծուի հայկական գորգարուեստին նուիրուած նոր մշակութային կեդրոն։ Բարերար Լեւոն Վարդան Տէր Պետրոսեանի նուիրաբերած անշարժ գոյքն ու գորգերու անձնական հաւաքածոն պիտի փոխանցուին պետութեան՝ գորգերու թանգարան հիմնելու նպատակով։
Նախաձեռնութեան նպատակն է պահպանել եւ հանրահռչակել հայկական գորգագործութեան հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը՝ Գառնիի մէջ ստեղծելով նոր մշակութային եւ զբօսաշրջային կեդրոն։
