Խանջեանի «Անլռելի զանգակատուն»ի էսքիզները ներկայացուած են Կոմիտասի Թանգարան-Հիմնարկին մէջ

  • by Editbeglari, August 05, 2026 in Լուրեր
67 դիտում

Կոմիտասի Թանգարան-Հիմնարկին մէջ բացուած է «Գրիգոր Խանջեան – 100. նկարիչը եւ գիրքը» ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն» բոէմին համար Գրիգոր Խանջեանի ստեղծած մօտ 40 էսքիզներ, օֆորթներ, արխիւային լուսանկարներ եւ փաստաթուղթեր։

Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ Խանջեանի ստեղծագործական ուղին եւ Կոմիտասի կերպարի պատկերաւորման նկատմամբ անոր իւրայատուկ մօտեցումը՝ ընդգծելով այս նկարազարդումներուն բացառիկ արժէքը հայ գրքարուեստին մէջ։