Վերլուծաբան Գոռ Մադոյեան իր ֆէյսպուքեան գրառման մէջ անդրադարձած է Շարլ Ազնաւուրի մասին նոր ֆիլմին՝ ընդգծելով անոր բացառիկ աշխատասիրութիւնը, նպատակասլացութիւնը եւ մարքեթինկային հմտութիւնը։
Մադոյեան կը նշէ, որ Ազնաւուրը իր աշխատանքը հետեւողականօրէն կը ներդնէր իր հանրային կերպարի եւ ստեղծագործական գործունէութեան առաջմղման մէջ՝ հետեւելով ժամանակի միտումներուն եւ երգացանկը կազմելով երգերու գրաւչութեան ու երբեմն ալ՝ վիճայարոյց բնոյթին հիման վրայ։
Ան նաեւ կը շեշտէ, որ Ազնաւուրի կեանքին մէջ աշխատանքն ու արուեստագէտի եսը առաջնահերթ եղած են։ Թէեւ ան սիրած ու աջակցած է իր ընտանիքին, Մադոյեան կը նկատէ, որ Ազնաւուրը ամբողջութեամբ «ընտանիքի մարդ» չէ եղած՝ կապելով այս հանգամանքը մեծ արուեստագէտներու կեանքի առանձնայատկութիւններուն հետ։
Մադոյեանի գնահատմամբ՝ Ազնաւուրը հետաքրքրական եւ իւրայատուկ անձնաւորութիւն էր՝ ինքն իր անձը ստեղծած ու կերտած, ապա բազմաթիւ սահմանափակումներ ու դժուարութիւններ յաղթահարած արուեստագէտ։
Միաժամանակ, ան Ազնաւուրը կը բնորոշէ որպէս իսկական ֆրանսացի՝ ֆրանսական մշակոյթի, երաժշտական եւ հասարակական ազատ միջավայրի մասնիկ ու ներկայացուցիչ։
