10-ամեայ դաշնակահար Տիգրան Ղազարեանը միջազգային մրցումներու մէջ նոր յաջողութիւններ արձանագրած է

  • by Editbeglari, July 29, 2026 in Լուրեր
114 դիտում

10-ամեայ դաշնակահար Տիգրան Ղազարեանը վերջին ամիսներուն միջազգային երեք հեղինակաւոր մրցումներու մէջ արժանացած է բարձրագոյն պարգեւներու՝ իր տարիքային խումբին մէջ շահելով մէկ բլաթինէ եւ երկու առաջին կարգի մրցանակ։

Երաժշտութեամբ զբաղելով չորս տարեկանէն՝ Տիգրանը վաղ տարիքէն աչքի ինկած է բացառիկ երաժշտական կարողութիւններով, ներառեալ բացարձակ լսողութեամբ եւ տպաւորիչ յիշողութեամբ։

Այս յաջողութիւններուն շնորհիւ երիտասարդ դաշնակահարը հրաւէր ստացած է մասնակցելու Իտալիայի մէջ կայանալիք «Mimas» երաժշտական փառատօնին եւ կալա համերգին։ Ան նաեւ առաջին կարգի մրցանակի արժանացած է «Nouvelles Etoiles» հեղինակաւոր միջազգային մրցոյթին մէջ՝ ստանալով համերգային ծրագիրի մասնակցութեան հնարաւորութիւն։

Այս օրերուն Տիգրան Ղազարեանը կը շարունակէ պատրաստուիլ Իտալիայի համերգներուն՝ արժանապատուութեամբ ներկայացնելով հայկական դաշնամուրային արուեստը միջազգային բեմերուն վրայ։