


Հոկտեմբեր 25-ին Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի Հայ Առաքելական եկեղեցին առաջին անգամ հիւրընկալած է Հայաստանէն ժամանած PROFART պարային համոյթը, որ ներկայացուցած է հայկական ազգային պարերու շքեղ ծրագիր մը։
Գեղարուեստական ղեկավար Տիգրան Մնոյեանի գլխաւորութեամբ՝ 23 պարողներն ու չորս երաժիշտները հանդիսատեսը տարուած են մշակութային իւրայատուկ ճամբորդութեան մը՝ ներկայացնելով Հայաստանի տարբեր պատմական շրջաններու պարերը, տարազներն ու երաժշտութիւնը։ Իւրաքանչիւր կատարում արտացոլած է հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութիւնը, աւանդոյթներն ու դարաւոր մշակութային ժառանգութիւնը։ Աւելի քան 360 հիւրերու մասնակցութեամբ երեկոն վերածուած է հայկական ոգիով, ջերմութեամբ եւ միասնութեան զգացումով լի տօնակատարութեան։


Սթոքհոլմի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած է համոյթի անդամներուն, գեղարուեստական ղեկավարին, կամաւորներուն, հովանաւորներուն եւ ներկաներուն՝ ձեռնարկին իրականացման աջակցելուն համար։
Եկեղեցւոյ վարչութեան ընդգծմամբ՝ նման նախաձեռնութիւնները կարեւոր դեր ունին Շուէտի մէջ հայկական մշակոյթի, լեզուի եւ ազգային աւանդոյթներու պահպանման ու նոր սերունդին փոխանցման գործին մէջ։
