«Յոյս ունիմ՝ ցուցադրութիւնը կունենայ բազմաթիվ այցելուներ». Հայաստանի պատմութեան թանգարան են բերուած Անահիտ աստուածուհիին արձանէն պահպանուած բրոնզե գլուխն ու ձեռքը 

  • by Editbeglari, September 17, 2024 in Լուրեր
721 դիտում

21 Սեպտեմբեր Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ կբացուի «Մայր աստուածութիւն. Անահիտէն Մարիամ» միջազգային ցուցահանդեսը, որտեղ կներկայացուեն Ք․ ա․ II-I դարերու Անահիտ աստուածուհիին բրոնզե արձանի գլուխն ու ձեռքը, բերուած Բրիտանական թանգարանէն ժամանակաւոր ցուցադրութեան՝ 6 ամսով: Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան, Բրիտանական թանգարանի, ՀՀ-ին մէջ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպանութեան եւ այլ կառոյցներու աջակցութեամբ:

ԿԳՄՍ նախարար Ժաննա Անդրեասեան ընդգծած է, որ աս բացառիկ յնարաւորութիւն է Հայաստանի համար՝ Բրիտանական թանգարանի ցուցանմուշները հանրութեան համար հասանելի դարձնելու, ինչպէս նաեւ միջազգային մակարդակի ցուցադրութիւն կազմակերպելու առումով: Ցուցահանդէսին առանցքային թեման է մայրութեան եւ կիներու դերը պատմութեան մէջ, իսկ միջոցառումին շրջանակը ներկայացուելու են նաեւ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի պահոցներու մէջ գտնուող արժէքաւոր նմուշներ։

Բրիտանիոյ դեսպան Ջոն Գալագեր նշած է, որ ցուցադրութիւնը մեծ նշանակութիւն ունէ հայ ժողովուրդի համար եւ կը կարեւորէ Բրիտանական ու Հայաստանի պատմութեան թանգարաններու համագործակցութիւնը: