Պրիւսելի Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցին 13 Սեպտեմբեր իր դռներն էր բացած յիշատակին եւ յոյսի երաժշտական երեկոյին համար՝ նուիրուած Արցախը եւ արցախահայութիւնը։ Պրիւսելին մէջ «Արմենպրես»-ի թղթակիցին փոխանցմամբ՝ երեկոյին ներկայ էր Հայ Առաքելական եկեղեցիին Արցախին թեմին առաջնորդ Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեան։ Ներկաները ուղղուած իր խօսքին մէջ թեմի առաջնորդը նշեց, որ հայաթափուած Արցախը նաեւ վտանգուած հազարամեա ժառանգութիւն է՝ հինգ հազար պատմամշաթութային կոթողներով։
«Այսօր ցաւով պետք է արձանագրենք, որ Արցախը հայաթափուած է, մեր պատմական կոթողները վտանգուած են։ Մենք միշտ ըսած ենք, որ քրիստոնեութիւնը Հարաւային Կովկասին մէջ կը սկսուի եւ կը վերջանայ Հայաստանով ու Արցախով։ Արցախի ժողովուրդը թողած է հազարամեակներու մեծ ժառանգութիւն։ Ըստ մեր ունեցած տեղեկութւններու՝ հայաթափումէն դեռ մէկ տարի ալ չանցած՝ Ատրպէյճանը ոչնչացուցած է ատ կոթողներու տասը տոկոսէն աւելին։ Այսօր որեւէ մէկը՝ ներառեալ միջազգային կառոյցները, հնարաւորութիւն չունին այցելիլ եւ տեղում տեսնալ իրավիճակը։ Աս աշխարհաքաղաքական տարածքին միւս կարեւոր արժէքն արցախցին է։ Անոնք լքած են իրենց հայրենիքն ու այսօր կ՚ապրին Հայաստանին ու արտերկրին մէջ։ Արցախցին հազարամեա մշակոյթի, բարբառի ու աւանդոյթներու կրողն է, որոնք այսօր վտանգուած են, որովհետեւ արցախցիները հնարաւորութիւն չունին միասին համապարփակ ապրելու։
Արցախցիները կը ցանկնան վերադառնալ իրենց հայրենի հող, միայն ու միայն պայմանով՝ չ՚ըլլալ Ատրպէյճանի վերայսկողութեան տակ եւ ունենալ միջազգային անվտանգային երաշխիքներ։ Մեր ժողովուրդը տեղահանուած եւ ցեղասպանուած է, եւ ունէ վերադառնալու բոլոր իրաւունքները», – նշած է Վրթանէս եպս. Աբրահամեան։
Թեմին առաջնորդին ելոյթին յաջորդեց երաժշտական երեկոն՝ դաշնակահարուհի Լորենս Անահիտ Մխիթարեանին, Օպերային երգչուհի Մարիա Աբայեան Շամբերի եւ դուդուկահար Վարդան Յովհաննիսեանի մասնակցութեամբ։ Երեկոյին ներկայ էին պելկահայ համայնքին ներկայացուցիչներ, պելկիացի քաղաքական ու հասարակական գործիչներ։ Միջոցառումը տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ «Մունք» նախաձեռնութեան, Եւրոպային Հայ դատին գրասենեակ, Հայաստանի ընդհանուր բարեգործական միութեան, Հայ Առաքելական եկեղեցիին Պելկիոյ թեմին եւ շարք մը այլ կազմակերպութիւններու ընդհանուր ջանքերով։
Լիլիթ Գասպարեան
