1938 թուականին Ալեքսանտրէթի գաւառին (Սանճագ) մէջ կազմակերպուած ընտրութիւնները շրջանը Թուրքիոյ միացնելու գործընթացին կարեւոր հանգրուաններէն մէկը դարձան։ Ազգերու լիկայի վերահսկողութեամբ նախատեսուած ընտրութիւնները, թրքական ճնշումներուն եւ Ֆրանսայի զիջողական քաղաքականութեան հետեւանքով, աստիճանաբար վերածուեցան քաղաքական պայքարի։
Թրքական իշխանութիւնները կաշառքի, սպառնալիքներու եւ ապօրինի ընտրողներու ներգրաւման միջոցով կը փորձէին ապահովել թրքական համայնքին մեծամասնութիւնը։ Պատմական տուեալներու համաձայն՝ Թուրքիայէն շուրջ 25 հազար մարդ ապօրինաբար տեղափոխուած էր գաւառ՝ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ ազդելու նպատակով։
Ի պատասխան՝ հայ եւ արաբ համայնքները միաւորուեցան։ Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները, եկեղեցական կառոյցներն ու Քեսապի եւ Մուսա լերան ներկայացուցիչները կազմակերպեցին գաւառի հայերուն վերադարձը՝ ընտրութիւններուն մասնակցելու համար։
Հակառակ դիմադրութեան եւ ընտրական խախտումներուն՝ թրքական կողմը չկրցաւ ապահովել իր ակնկալած արդիւնքը։ Յետագայ ճնշումները, զինեալ միջադէպերն ու ֆրանսական վարչակազմին որոշումները յանգեցուցին իշխանութեան աստիճանական փոխանցման՝ թրքական ուժերուն։ 1938 թուականի Յունիս 3-ին գաւառին մէջ հաստատուեցաւ ռազմական դրութիւն, իսկ վարչական եւ ուժային կառոյցները սկսան անցնիլ թրքական վերահսկողութեան տակ։
Այս իրադարձութիւնները նախադրեալներ ստեղծեցին Ալեքսանտրէթի գաւառի յետագայ բռնակցման եւ շրջանին ժողովրդագրական ու ազգային դիմագիծին փոփոխութեան համար։
