Անտիոքի մեծ ցոյցը․ հայերու եւ արաբներու պայքարը Սանճագի ապագային համար 

  • by WesternArmenia, October 21, 2026 in Լուրեր
118 դիտում

1937 թուականի Յունուար 8-ին Անտիոքի մէջ տեղի ունեցաւ տասնեակ հազարաւոր հայերու եւ արաբներու մասնակցութեամբ մեծ ցոյց մը՝ ընդդէմ Ալեքսանտրէթի նահանգը Թուրքիոյ միացնելու ծրագիրներուն։ Ցոյցին մասնակցեցան նաեւ Քեսապի եւ Մուսա լերան հայկական գիւղերու բնակիչները, որոնք ձմրան սառնամանիքին ոտքով կտրած էին երկար ճամբան՝ իրենց կամքը արտայայտելու համար։

Ցուցարարները պարզած էին ֆրանսական եւ սուրիական դրօշներ՝ վանկարկելով ի նպաստ Սուրիոյ, Ֆրանսայի եւ նահանգին ինքնավարութեան։ Անոնց գլխաւոր պահանջն էր պահպանել շրջանին կապը Սուրիոյ հետ եւ կանխել Թուրքիոյ կազմին անցնելու վտանգը։

Նոյն ժամանակաշրջանին, Ազգերու լիկայի նշանակած դիտորդները այցելեցին Քեսապի եւ Մուսա լերան հայկական գիւղերը՝ ուսումնասիրելու բնակչութեան դիրքորոշումը։ Հայ բնակիչները յայտնեցին Սուրիոյ կազմին մէջ մնալու իրենց փափաքը՝ ընդգծելով Լաթաքիոյ հետ իրենց տնտեսական կապերը եւ սուրիական հայրենիքին պատկանելու զգացումը։

1937 թուականի Մարտին աւարտած դիտորդական առաքելութիւնը արձանագրեց շրջանի բնակիչներուն դիրքորոշումները՝ պատմութեան մէջ ձգելով նահանգի հայութեան՝ իրենց բնակավայրերուն մէջ խաղաղ եւ ապահով ապրելու ձգտումին կարեւոր վկայութիւնը։