13-րդ դարու պատմիչ Կիրակոս Գանձակեցին իր «Հայոց պատմութիւն» մեծարժէք աշխատութեան մէջ 1214-1261 թուականներուն Արցախի թագաւոր, իշխանաց իշխան Հասան-Ջալալ-Դոլայի ազգային պատկանելիութեան մասին, մասնաւորաբար, գրած է. «Արցախի կողմերու Խաչենի մեծ իշխան Հասանը, որուն փաղաքշանքով Ջալալ կը կոչէին, աստուածապաշտ, երկիւղած ու պարկեշտ մարդ էր, ազգութեամբ հայ»։
Պատմիչ Կիրակոս Գանձակեցիի այս վկայութեան հիման վրայ կարելի է հաստատել, որ Հասան-Ջալալ-Դոլան ազգութեամբ հայ էր։
Նկարին մէջ Արցախի թագաւոր, իշխանաց իշխան Հասան-Ջալալ-Դոլայի խորաքանդակն է՝ Գանձասարի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ գմբէթի թմբուկին վրայ։
