Երաժիշտ Ներսիկ Իսպիրեան հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է հայկական եւ քրտական երաժշտութեան Արևմտեան Հայաստանի մէջ փոխազդեցութեան՝ շեշտելով, որ դարերու ընթացքին դրացի ժողովուրդներուն միջեւ մշակութային ազդեցութիւնները անխուսափելի եղած են։ Անոր խօսքով՝ հայերը բնիկ ազգ են, ուստի բազմաթիւ երգեր եւ պարեր հայկական ծագում ունին, սակայն ժամանակի ընթացքին տարբեր ձեւերով տարածուած եւ իւրացուած են այլ ժողովուրդներու կողմէ։ Իսպիրեան ընդգծած է, որ կարեւոր է զանազանել մշակութային փոխազդեցութիւնն ու մշակութային ժառանգութեան իւրացումը՝ պահպանելով հայկական ժողովրդական երաժշտութեան իսկական արժէքները։
Հայկական եւ քրտական երաժշտութեան փոխազդեցութիւնը՝ պատմական տեսանկիւնէ
- by Editbeglari, August 04, 2026 in Լուրեր
108
դիտում
