Հայ գիւտարար Պետրոս Պարոնեան՝ դէպի Մեքքա ուղղութիւն ցոյց տուող սարքին հեղինակը 

  • by WesternArmenia, November 04, 2026 in Ժառանգութիւն
63 դիտում

18-րդ դարուն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գործած հայ գիւտարար, Կեսարիայէն սերած Պետրոս Պարոնեան նշանակալի ներդրում ունեցած է աշխարհագրութեան եւ աստղագիտութեան զարգացման մէջ։ Որպէս Նետերլանտներու դեսպանատան թարգմանիչ՝ ան եւրոպական գիտական նորարարութիւնները ներկայացուցած է օսմանեան պալատին, ինչպէս նաեւ ստեղծած է դէպի Մեքքայի Քաապա ուղղութիւնը ցոյց տուող յատուկ սարք մը։

1738 թուականին Պարոնեանի նախագծած քիպլայի ուղղութիւնը որոշող սարքը հնարաւորութիւն կու տար կողմնացոյցի միջոցով ճշդելու աղօթքի ուղղութիւնը։ Ան պատրաստուած էր հայ պղնձափորագրիչ Մկրտիչ Գալաթաւիի հետ գործակցաբար եւ կը ներառէր աշխարհի քարտէսն ու շուրջ 400 քաղաքներու ցանկը։ Սարքը նաեւ շարժական աղօթատեղիի դեր կը կատարէր՝ յատկապէս անապատներով անցնող ուխտաւորներուն համար։

Այսօր Պետրոս Պարոնեանի ստեղծած բացառիկ սարքերէն մէկը կը ցուցադրուի Կոստանդնուպոլսոյ Թոփքափը պալատին մօտ գտնուող Թրքական եւ իսլամական արուեստի թանգարանին մէջ։ Սակայն, հակառակ անոր գիտական եւ գեղարուեստական արժէքին, թանգարանի ցուցանմուշին պիտակին վրայ գիւտարարին անունը չէ նշուած։