«Մայիսեան յաղթանակները բացառիկ նշանակութիւն ունեցան». Յովիկ Աւանեսով

  • by Editbeglari, May 12, 2026 in Լուրեր
116 դիտում

Արցախի մշակութային ժառանգութեան ՄԻՊ Յովիկ Աւանեսովը Եռատօնին առիթով շնորհաւորած է հայ ժողովուրդը՝ ընդգծելով Մայիսեան յաղթանակներուն, Շուշիի ազատագրման եւ Պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման պատմական նշանակութիւնը։

Ան նշած է, որ Շուշին հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային կարեւոր խորհրդանիշներէն մէկն է, որ այսօր կը գտնուի Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։ Աւանեսով դատապարտած է Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութիւնը՝ զայն բնորոշելով իբրեւ մշակութային ցեղասպանութիւն։

Ան կոչ ուղղած է միջազգային կառոյցներուն՝ գործնական քայլեր ձեռնարկելու հայկական յուշարձաններու պաշտպանութեան համար՝ վստահութիւն յայտնելով, որ պատմական արդարութիւնը պիտի վերականգնուի, իսկ Շուշին վերստին պիտի դառնայ հայկական մշակութային կեդրոն։